Մարզական

Հենրիխ Մխիթարեան`  Դէպի Սպարտակ Մոսկուա՞

Հենրիխ Մխիթարեան` Դէպի Սպարտակ Մոսկուա՞

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի ապագան` Ա. Էս. Ռոմայի հետ կը մնայ անորոշ, հակառակ անոր որ իտալական կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, հռոմեան ակումբը մտադիր է անոր պայմանագրութիւնը յաւելեալ տարիով մը երկարաձգել: Նշուեցաւ, որ 2022-ի ամրան, երբ անոր պայմանագրութիւնը վերջ գտնէ այժմու իր ակումբին հետ, ան ազատ փոխանցումով մը պիտի միանայ Սպարտակ Մոսկուային: Ըստ «Քալչիոմերքաթօ»-ի, ռուսական ակումբին պատասխանատուները արդէն...

Սամպօ.  Հայաստան Տիրացաւ  Հինգ Մետալի` Մինսքի Մէջ

Սամպօ. Հայաստան Տիրացաւ Հինգ Մետալի` Մինսքի Մէջ

Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի սամպոյի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան հինգ մետալի (1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ): Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 11 երկիրներէ աւելի քան 150 մարզիկներ: Հայաստան ունէր եօթը ներկայացուցիչ: Յիշատակելի եղաւ այն, որ 58 քկ դասակարգին մէջ, առաջին երեք դիրքերը գրաւողները եղան Հայաստանի ներկայացուցիչները: Տիգրան Կիրակոսեան տիրացաւ ոսկի մետալին` աւարտականին յաղթելէ...

Գէորգ Նաջարեան  Կը Տեղափոխուի Փիւնիկ

Գէորգ Նաջարեան Կը Տեղափոխուի Փիւնիկ

Ղազախստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին եւ Քարաքանտայի Շախտիորի նախկին միջնապահ Գէորգ Նաջարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փիւնիկ Երեւանի հետ, այս մասին յայտնեց ղազախական մարզական մամուլը: Նաջարեան ծնած է Երեւանի մէջ, սակայն երբ ան 2 տարեկան էր, ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Քարաքանտա: 24 տարեկան ֆութպոլիստը, որ վերջերս հեռացաւ Շախտիորէն, առիթով մըն ալ կրած է Ղազախստանի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը:

«Պէյճինկ-2022».  Նորվեկիա Աւելի Ամրապնդեց Պարագլուխի  Իր Դիրքը` Տիրանալով Յաւելեալ 4 Ոսկի Մետալի

«Պէյճինկ-2022». Նորվեկիա Աւելի Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը` Տիրանալով Յաւելեալ 4 Ոսկի Մետալի

Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցող 24-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տղոց հաքիի քառորդ աւարտականի մրցումները: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Ողիմպիական մարզիկներ Ռուսիայէն-Դանիա` 3-1 Միացեալ Նահանգներ-Սլովաքիա` 2-3 Շուէտ-Քանատա` 2-0 Ֆինլանտա-Զուիցերիա` 5-1 Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, Ռուսիայէն ողիմպիական մարզիկներ կը մրցին Շուէտի դէմ, իսկ Սլովաքիա` Ֆինլանտայի դէմ: Երէկուան մրցումներուն, Նորվեկիա տիրանալով յաւելեալ 4 ոսկի մետալի, աւելի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը...

ՖԻՖՓՐՕ.  Ֆութպոլիստներուն 75 Տոկոսը Կ’ուզէ  Մոնտիալը Կատարել 4 Տարին Անգամ Մը

ՖԻՖՓՐՕ. Ֆութպոլիստներուն 75 Տոկոսը Կ’ուզէ Մոնտիալը Կատարել 4 Տարին Անգամ Մը

Արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միութեան միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՖՓրօ) կատարեց յատուկ հարցախոյզ մը` իմանալու համար ֆութպոլիստներուն կարծիքը, Մոնտիալը երկու տարին անգամ մը կատարելու գծով: Հարցախոյզին մասնակցած հազար գործող ֆութպոլիստներուն 75 տոկոսը համաձայն է, որ Մոնտիալը կատարուի 4 տարին անգամ մը, մինչ 25 տոկոսը` 2 տարին անգամ մը: Միայն Ափրիկէի ֆութպոլիստներուն մեծամասնութիւնը (51 տոկոս) համաձայն է, որ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը տեղի ունենայ 2 տարին...

Մեսսի Որոշեց Յառաջիկայ Տարեշրջանին  Ալ Մնալ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Մեսսի Որոշեց Յառաջիկայ Տարեշրջանին Ալ Մնալ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

«ԱՐ. ԷՄ. ՍԻ. Սփոր» հաղորդեց, որ Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ` Լիոնել Մեսսի երբեք չէ զղջացած Ֆրանսա տեղափոխուելուն համար` նկատի ունենալով, որ իր ակումբէն բաւական գոհ մնալով որոշեց յառաջիկայ տարեշրջանին եւս ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել անոր հետ: Յառաջիկայ ամրան ընթացքին ան երբեք մտադիր չէ այլ ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքով զբաղելու` նկատի ունենալով, որ ինք ու իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները  Տարեշրջանը Սկսան Յաղթանակով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Տարեշրջանը Սկսան Յաղթանակով

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով` 67-39 արդիւնքով (20-7, 9-11, 17-14 եւ 21-7): Նշենք, որ նոյն մարզադաշտին վրայ նախանցեալ օր տեղի ունեցած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Պէյրութ մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին...

Պասքեթպոլ. Տղոց Արաբական  Ախոյեանութիւն.  Լիբանան Յաղթեց Սոմալիին  Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Պասքեթպոլ. Տղոց Արաբական Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Սոմալիին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի տղոց 24-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը, որ կիսաւարտականին գծով մրցեցաւ Սոմալիի դէմ, արձանագրեց 87-72 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանանի կազմը ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Թունուզ-Ալճերիա մրցումին յաղթականին դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 16 փետրուարին: Նասըր ակումբի դաշտին...

Պասքեթպոլ.  Շարպել Ռըզք Նշանակուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ  Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Քարտուղար

Պասքեթպոլ. Շարպել Ռըզք Նշանակուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Քարտուղար

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք նշանակուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար: Նշենք, որ Ռըզք երկրորդ անգամ ըլլալով կը նշանակուի ընդհանուր քարտուղար: Այս առիթով Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի եւ ֆետերասիոնի անդամները շնորհաւորեցին Ռըզքը:  

«Պէյճինկ-2022».  Նորվեկիա Կը Շարունակէ Մնալ Առաջին

«Պէյճինկ-2022». Նորվեկիա Կը Շարունակէ Մնալ Առաջին

Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցող 24-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, երէկ յստակացան տղոց հաքիի քառորդ աւարտականին հասնող խումբերը: Քառորդ աւարտականի զոյգերը կազմուեցան հետեւեալ ձեւով. Միացեալ Նահանգներ-Սլովաքիա, Ռուսիա-Դանիա, Ֆինլանտա-Զուիցերիա եւ Շուէտ-Քանատա: Մետալներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նորվեկիա, երէկ յաւելեալ երկու ոսկի մետալի տիրանալով 12-ի բարձրացուց իր ոսկի մետալներուն թիւը` 7 արծաթի եւ 7 պրոնզի կողքին: Երկրորդ դիրքին վրայ կը...

Հայաստան-Վրաստան Ֆութպոլի  Բարեկամական  Մրցումները Չեղեալ Նկատուեցան

Հայաստան-Վրաստան Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումները Չեղեալ Նկատուեցան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախապէս ծրագրուած Հայաստան-Վրաստան աղջկանց ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցումները չեղեալ նկատուեցան: Նշուեցաւ, որ նկատի առնելով, որ Վրաստանի խումբին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակումի պարագաներ հաստատուած են, մրցակից կազմը պիտի չայցելէ Երեւան: Վրաստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն թուական ճշդուած էր 17 եւ 20 փետրուարը: Այս իրողութենէն մեկնելով` հայրենի կազմը, նախապէս հրապարակուած ծրագիրով, պիտի շարունակէ իր...

Թենիս.  Կարէն Խաչանով  Բարելաւեց Իր Դիրքը

Թենիս. Կարէն Խաչանով Բարելաւեց Իր Դիրքը

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով բարելաւեց իր դիրքը: Հայազգի թենիսմենը, որ նախապէս կը գրաւէր դասաւորման 28-րդ դիրքը, դիրքի մը ոստում արձանագրելով յայտնուեցաւ 27-րդ դիրքին վրայ: Պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել սերպ Նովաք Ճոքովիչ, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն ռուս Տանիիլ Մետվետեւ եւ գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ: Սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ...

Էրիքսընի Առաջին Մրցումը`  «Եւրօ-2020»-էն Ետք

Էրիքսընի Առաջին Մրցումը` «Եւրօ-2020»-էն Ետք

Դանիացի միջազգային միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսըն Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն` «ԵՒՐՕ-2020»-ի մրցաշարքէն ետք առաջին անգամ ըլլալով դարձեալ տեսնուեցաւ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ: Ան վերոնշեալ մրցաշարքին ընթացքին սրտի կաթուած ունենալով կը բացակայէր դաշտերէն: Այժմ Պրենթֆորտին մաս կազմող Էրիքսըն Սաութենտ Եունայթըտի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին դաշտ ներկայացաւ 60 վայրկեան եւ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (3-2) կատարեց էսիսթ մըն ալ: Ան ստիպուած եղած...

Փեփէ Կրնայ Երկու Տարիով  Կախակայուիլ

Փեփէ Կրնայ Երկու Տարիով Կախակայուիլ

Փորթուգալեան մարզական մամուլին համաձայն, Փորթոյի յետսապահ Փեփէ շատ հաւանաբար երկու տարիով կախակայուի: Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սփորթինկ Լիզպոնի դէմ կատարուած մրցումէն ետք (2-2) խումբերուն միջեւ տեղի ունեցաւ ծեծկռտուք, որուն ընթացքին Փեփէ հարուածեց լիզպոնեան ակումբին տնօրէնին: Իր ունեցած ոչ մարզավայել կեցուածքին համար Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երկու ամիսէն մինչեւ երկու տարի կրնայ կախակայել Փեփէն:

Պասքեթպոլ. Տղոց Արաբական Ախոյեանութիւն.  Լիբանան Յաղթեց Յորդանանին  Եւ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Պասքեթպոլ. Տղոց Արաբական Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Յորդանանին Եւ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի տղոց 24-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 13 փետրուարին Լիբանանի ազգային խումբը, որ մրցեցաւ Յորդանանի դէմ, արձանագրեց 64-52 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր երկրորդ անգամ ըլլալով կը մրցի Սոմալիի դէմ: Նասըր ակումբի դաշտին վրայ տեղի ունեցած երէկուան մրցումին, մեծ թիւով լիբանանցիներ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ապահովեց  Յաջորդ Հանգրուանի Իր Տոմսը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ապահովեց Յաջորդ Հանգրուանի Իր Տոմսը

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան (Լեռնալիբանանի նահանգ) 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ երէկ մրցեցաւ Արապի Պարժայի դէմ, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ ամուր կառչած մնալով պարագլուխի դիրքին եւ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 16 կէտ, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը (12 տարի ետք): ՀՄԸՄ-ի անմիջական...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մուաուատ` 0-3

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մուաուատ` 0-3

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 13 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը մրցեցաւ Մուաուատի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), վերջ գտաւ Մուաուատի յաղթանակով, 3-0 արդիւնքով: Այս հանգրուանէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ-ի կազմը 21 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը: Անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` «ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.»,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Արապի Պարժա

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Արապի Պարժա

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ վաղը` կիրակի, 13 փետրուարին, կը մրցի Արապի Պարժայի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին: ՀՄԸՄ-ի նման 13-ական կէտ ունին նաեւ` Հատաս եւ Սալամ Պասաթին, մինչ անոր...

Ֆութսալ.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մուաուատ

Ֆութսալ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մուաուատ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 13 փետրուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր դէմ պիտի ունենայ Մուաուատը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ): ՀՄԸՄ-ի կազմը այժմ 21 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ Մուաուատ 11 կէտով` 4-րդ դիրքը:

Պասքեթպոլ. Տղոց Արաբական  Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Ազգային Խումբին  Երկրորդ Յաղթանակը

Պասքեթպոլ. Տղոց Արաբական Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբին Երկրորդ Յաղթանակը

Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի տղոց 24-րդ ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, երէկ կատարեց իր երկրորդ մրցումը` այս անգամ մրցելով Ալճերիոյ դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ մայրիներու կազմին յաղթանակով` 83-66 արդիւնքով: Նկատի ունենալով, որ Բ. խմբակին մաս կը կազմեն երեք խումբեր, Լիբանան իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ գրաւեց խմբակին պարագլուխի...

Page 422 of 1280 1 … 421 422 423 … 1,280

Արխիւներ