Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով` 67-39 արդիւնքով (20-7, 9-11, 17-14 եւ 21-7):
Նշենք, որ նոյն մարզադաշտին վրայ նախանցեալ օր տեղի ունեցած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Պէյրութ մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 90-28 արդիւնքով (22-5, 23-4, 21-9 եւ 24-10):