Կռփամարտ. Հայրենի Մարզիկները Սկսան Ծաղկաձորեան Հաւաքին
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կռփամարտի մեծերու հաւաքականը բաւական մեծ թիւով` 27 մարզիկով, սկսաւ ծաղկաձորեան հաւաքի մը: Կարէն Աղամալեանի գլխաւորած հաւաքականը սկսաւ նախապատրաստուելու 21-31 մայիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի մեծերու ախոյեանութեան: Ասկէ բացի, հաւաքականին մարզիկները կը պատրաստուին նաեւ Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար ախոյեանութեան: Նշուեցաւ, որ երիտասարդական հաւաքականի մարզիկներէն ոմանք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն...




















