Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 13 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը մրցեցաւ Մուաուատի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), վերջ գտաւ Մուաուատի յաղթանակով, 3-0 արդիւնքով:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ-ի կազմը 21 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:
Անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` «ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.», ունի 19 կէտ: