Ղազախստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին եւ Քարաքանտայի Շախտիորի նախկին միջնապահ Գէորգ Նաջարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փիւնիկ Երեւանի հետ, այս մասին յայտնեց ղազախական մարզական մամուլը:
Նաջարեան ծնած է Երեւանի մէջ, սակայն երբ ան 2 տարեկան էր, ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Քարաքանտա:
24 տարեկան ֆութպոլիստը, որ վերջերս հեռացաւ Շախտիորէն, առիթով մըն ալ կրած է Ղազախստանի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը:


