Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ վաղը` կիրակի, 13 փետրուարին, կը մրցի Արապի Պարժայի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի նման 13-ական կէտ ունին նաեւ` Հատաս եւ Սալամ Պասաթին, մինչ անոր վաղուան մրցակիցը ունի 11 կէտ:
Հետեւաբար, այս իրողութենէն մեկնելով, յաջորդ հանգրուան հասնելու համար ՀՄԸՄ անպայման յաղթանակի պէտք ունի:


