Փորթուգալեան մարզական մամուլին համաձայն, Փորթոյի յետսապահ Փեփէ շատ հաւանաբար երկու տարիով կախակայուի:
Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սփորթինկ Լիզպոնի դէմ կատարուած մրցումէն ետք (2-2) խումբերուն միջեւ տեղի ունեցաւ ծեծկռտուք, որուն ընթացքին Փեփէ հարուածեց լիզպոնեան ակումբին տնօրէնին:
Իր ունեցած ոչ մարզավայել կեցուածքին համար Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երկու ամիսէն մինչեւ երկու տարի կրնայ կախակայել Փեփէն: