Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի ապագան` Ա. Էս. Ռոմայի հետ կը մնայ անորոշ, հակառակ անոր որ իտալական կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, հռոմեան ակումբը մտադիր է անոր պայմանագրութիւնը յաւելեալ տարիով մը երկարաձգել:
Նշուեցաւ, որ 2022-ի ամրան, երբ անոր պայմանագրութիւնը վերջ գտնէ այժմու իր ակումբին հետ, ան ազատ փոխանցումով մը պիտի միանայ Սպարտակ Մոսկուային:
Ըստ «Քալչիոմերքաթօ»-ի, ռուսական ակումբին պատասխանատուները արդէն իսկ կապի մէջ մտած են Մխիթարեանի գործերով զբաղող Մինօ Ռայոլայի հետ` համաձայնութեան գալու համար անոր փոխանցման հարցով:
33 տարեկան հայրենի ֆութպոլիստը Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով ցարդ իր ակումբին հետ կատարած է 24 մրցում, նշանակած 3 կոլ եւ կատարած 5 էսիսթ:


