«ԱՐ. ԷՄ. ՍԻ. Սփոր» հաղորդեց, որ Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ` Լիոնել Մեսսի երբեք չէ զղջացած Ֆրանսա տեղափոխուելուն համար` նկատի ունենալով, որ իր ակումբէն բաւական գոհ մնալով որոշեց յառաջիկայ տարեշրջանին եւս ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել անոր հետ:
Յառաջիկայ ամրան ընթացքին ան երբեք մտադիր չէ այլ ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքով զբաղելու` նկատի ունենալով, որ ինք ու իր ընտանիքը շատ գոհ են Ֆրանսա իրենց կեցութենէն:
Նշենք, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստը ընթացիկ տարեշրջանին իր ակումբին հետ կատարած 21 մրցումին ընթացքին նշանակած է 7 կոլ եւ կատարած 7 էսիսթ:


