Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի տղոց 24-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 13 փետրուարին Լիբանանի ազգային խումբը, որ մրցեցաւ Յորդանանի դէմ, արձանագրեց 64-52 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր երկրորդ անգամ ըլլալով կը մրցի Սոմալիի դէմ:
Նասըր ակումբի դաշտին վրայ տեղի ունեցած երէկուան մրցումին, մեծ թիւով լիբանանցիներ քաջալերեցին իրենց երկրին ազգային խումբը:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սերճիօ Տարուիշ (5 կէտ), մինչ 14-ական կէտ նշանակեցին Հայկ Կէօքճեան եւ Ալի Հայտար: