Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան (Լեռնալիբանանի նահանգ) 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ երէկ մրցեցաւ Արապի Պարժայի դէմ, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ ամուր կառչած մնալով պարագլուխի դիրքին եւ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 16 կէտ, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը (12 տարի ետք):
ՀՄԸՄ-ի անմիջական մրցակիցները` Հատաս եւ Սալամ Պասաթին, ունին 14-ական կէտ: