Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախապէս ծրագրուած Հայաստան-Վրաստան աղջկանց ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցումները չեղեալ նկատուեցան:
Նշուեցաւ, որ նկատի առնելով, որ Վրաստանի խումբին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակումի պարագաներ հաստատուած են, մրցակից կազմը պիտի չայցելէ Երեւան:
Վրաստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն թուական ճշդուած էր 17 եւ 20 փետրուարը:
Այս իրողութենէն մեկնելով` հայրենի կազմը, նախապէս հրապարակուած ծրագիրով, պիտի շարունակէ իր մարզական հաւաքը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: