Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցող 24-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, երէկ յստակացան տղոց հաքիի քառորդ աւարտականին հասնող խումբերը:
Քառորդ աւարտականի զոյգերը կազմուեցան հետեւեալ ձեւով.
Միացեալ Նահանգներ-Սլովաքիա, Ռուսիա-Դանիա, Ֆինլանտա-Զուիցերիա եւ Շուէտ-Քանատա:
Մետալներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նորվեկիա, երէկ յաւելեալ երկու ոսկի մետալի տիրանալով 12-ի բարձրացուց իր ոսկի մետալներուն թիւը` 7 արծաթի եւ 7 պրոնզի կողքին:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Գերմանիա (8 ոսկի, 5 արծաթ եւ 2 պրոնզ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ են Միացեալ Նահանգներ (7 ոսկի, 6 արծաթ եւ 4 պրոնզ):
6-ական ոսկի մետալի տիրացած են Աւստրիա, Նետերլանտներ եւ Չինաստան:


