Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով բարելաւեց իր դիրքը:
Հայազգի թենիսմենը, որ նախապէս կը գրաւէր դասաւորման 28-րդ դիրքը, դիրքի մը ոստում արձանագրելով յայտնուեցաւ 27-րդ դիրքին վրայ:
Պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել սերպ Նովաք Ճոքովիչ, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն ռուս Տանիիլ Մետվետեւ եւ գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ:
Սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ մնաց 5-րդ դիրքին վրայ: