Մարզական

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Նըժում-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 2-1

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժում-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 2-1

Պէյրութի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, Անսարի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Նըժում-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ տարեշրջանի բացման մրցումին Անսարի դաշտին վրայ արձանագրած էր 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը` Նոլիմիցի դէմ, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով: Մրցակից կազմը մրցումին սկիզբը (2-րդ վայրկեանին) նշանակեց բաւական արագ կոլ...

Դահուկարշաւ.  Լիբանանի Ֆետերասիոնը Այսօր  Կու Տայ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս

Դահուկարշաւ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Այսօր Կու Տայ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս

Այսօր` երկուշաբթի, 21 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի մէջ (Քասլիք), կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ 23-25 փետրուարին տեղի ունենալիք տղոց եւ աղջկանց Ասիոյ դահուկարշաւի 30-րդ ախոյեանութեան մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Մըզար Սքի Ռիզորթի մէջ (Քֆարզըպիան): Նշենք, որ այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի շուէտացի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Սիպլին Ռիատի

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Սիպլին Ռիատի

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` Շաբաթ, 19 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը կատարէ իր առաջին մրցումը` իրեն մրցակից ունենալով Սիպլին Ռիատին: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Ահտի դաշտին վրայ: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ դաշտ` քաջալերու համար իրենց կազմը, որ 12 տարի ետք, դարձեալ իր...

Ֆութսալ.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ռիատի 1875

Ֆութսալ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ռիատի 1875

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 20 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Ռիատի 1875 խումբին դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ): Համակիրներուն համար տրամադրուած է փոխադրակառք, որ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն պիտի ուղղուի մրցումին կայացման...

Մարսէյի Հայերուն Բողոքը` Ազրպէյճանական  Ակումբին Դէմ. «Արցախը Հայաստան Է»

Մարսէյի Հայերուն Բողոքը` Ազրպէյճանական Ակումբին Դէմ. «Արցախը Հայաստան Է»

Ֆրանսական Մարսէյ քաղաքի հայ համայնքին ներկայացուցիչները, Մարսէյ-Քարապաղ «Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Վելոտրոմի դաշտին վրայ, բողոքի գործողութիւն կազմակերպեցին ազրպէյճանական ակումբին դէմ: Հարիւրաւոր հայեր, որոնք ներկայ էին այս մրցումին, պարզեցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին` «Արցախը Հայաստան է», «Ազրպէյճանը` յանցագործ երկիր»: Նշենք, որ մրցումը աւարտեցաւ ֆրանսական կազմին յաղթանակով` 3-1...

«Պէյճինկ-2022».  Նորվեկիացի Պոյէ` Ողիմպիական  Խաղերու 5-ակի Ախոյեան

«Պէյճինկ-2022». Նորվեկիացի Պոյէ` Ողիմպիական Խաղերու 5-ակի Ախոյեան

Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ուեցող 24-րդ ողիմպիական խաղերուն, երէկ նորվեկիացի Եոհաննես Թինկնես Պոյէ դարձաւ ողիմպիական խաղերու 5-ակի ախոյեան, երբ տիրացաւ իր չորրորդ ոսկի մետալին` Պիաթլոնի 15 քմ մրզավազքին: Չորս տարի առաջ, ան Հարաւային Քորէայի մէջ դարձած էր ախոյեան` անհատական մրցավազքին: 28 տարեկան Պոյէ այսպիսով հաւասարեցաւ ֆրանսացի Մարթեն Ֆուրկատի, որ իր կարգին տիրացած է 5 ոսկի մետալի: Առաջին դիրքին վրայ...

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Աղջկանց  Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Բ. Խմբակի  Զտումի Մրցումները` Հայաստանի Մէջ

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Բ. Խմբակի Զտումի Մրցումները` Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ մարտին տեղի պիտի ունենան ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. –ի Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան Բ. խմբակի զտումի մրցումները: Բ. լիկայի Բ. խմբակի այս մրցումները տեղի պիտի ունենան 15-21 մարտին` Հայաստանի մէջ: Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Կալես, Զուիցերիա եւ Թուրքիա: Մրցումները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային...

Հայաստան Սահմանեց Համաշխարհային Մրցանիշ`  Օդապարիկով Իրականացնելով Ամէնէն Երկար Թռիչքը

Հայաստան Սահմանեց Համաշխարհային Մրցանիշ` Օդապարիկով Իրականացնելով Ամէնէն Երկար Թռիչքը

«ՍքայՊոլ» ընկերութեան օդաչու Նայիրի Բարսեղեան իր ռուս գործընկերոջ` Սերկէյ Պաժեյովի հետ 16 փետրուարին օդապարիկով իրականացուց մրցանշային թռիչք: Անոնց օդապարիկի թռիչքին տեւողութիւնը եղաւ 34 ժամ եւ 41 վայրկեան, ինչ որ կը նկատուի ամէնէն երկար թռիչքը:: Նախկին մրցանիշն էր 32 ժամ եւ 12 վայրկեան: Օդապարիկի թռիչքին մեկնարկը եղաւ ռուսական Օրենպուրկ շրջանէն:    

Հայրենի Կռփամարտիկները 4 Մետալի  Տիրացան Պիելոռուսիոյ Մէջ

Հայրենի Կռփամարտիկները 4 Մետալի Տիրացան Պիելոռուսիոյ Մէջ

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայրենի կռփամարտիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը, տիրացան 4 մետալի: Հենրիկ Սահակեան (51 քկ) եւ Արարատ Յարութիւնեան (67 քկ) տիրացան ոսկի մետալի, իսկ Արթուր Շահպազեան (63,5 քկ) եւ Մհեր Դաւթեան (54 քկ)` պրոնզ մետալի: Մարզիչներ Արթուր Ուլիխանեանի եւ Արթուր Մովսիսեանի գլխաւորած խումբը գրաւեց երկրորդ դիրքը` խմբային...

«ՖԻՏԷ. Կրան-Փրի».  Լեւոն Արոնեան Պարտուեցաւ Աւարտականի  Թայ Պրէյքի Մրցումին

«ՖԻՏԷ. Կրան-Փրի». Լեւոն Արոնեան Պարտուեցաւ Աւարտականի Թայ Պրէյքի Մրցումին

Ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի յաղթանակով վերջ գտաւ Պերլինի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցած ճատրակի «ՖԻՏԷ.Կրան Փրի»-ի շարքին առաջին մրցաշարքը: Աւարտական մրցումին Նաքամուրա իր յաղթանակը արձանագրեց Հայաստանի հաւաքականի նախկին յառաջատար, այժմ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Լեւոն Արոնեանի դէմ, թայ պրէյքի երկու մրցումին, 2-0 արդիւնքով: Անոնց միջեւ աւարտական առաջին մրցումը աւարտած էր 0-0 արդիւնքով: Նշենք, որ «ՖԻՏԷ.Կրան Փրի»-ի շարքը աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցաշարքին մասնակցելու...

Գեղասահք.  Ատելիա Պետրոսեանի Համաշխարհային  Կարեւոր Իրագործումը

Գեղասահք. Ատելիա Պետրոսեանի Համաշխարհային Կարեւոր Իրագործումը

Ռուսիոյ գեղասահքի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ռուսահայ գեղասահորդուհի Ատելիա Պետրոսեան համաշխարհային կարեւոր նուաճումի մը հասաւ` նկատի ունենալով, որ ան հանդիսացաւ իգական սեռէն առաջինը, որ երկու «Ռիթպերկըր Քուատ Ճամփս» կը կատարէ իր մէկ ներկայացումին ընթացքին: Նշենք, որ ան ծնած է 2007-ին` Մոսկուայի մէջ: Իսկ անոր հասակը 140 սմ է:

Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի  Ազգային Խումբը  Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

Երէկ յետմիջօրէին Տուպայէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արաբական պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Ինչպէս ծանօթ է, Տուպայի մէջ Լիբանան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան` աւարտական մրցումին 72-69 արդիւնքով յաղթելով Թունուզին: Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ Լիբանանի կազմը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան: Ախոյեան մարզիկներուն դիմաւորեցին մարզական կարեւոր անձնաւորութիւններ: Լիբանանի երիտասարդութեան եւ...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականին Երկրորդ Յաղթանակը`  Ղազախստանի Դէմ

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականին Երկրորդ Յաղթանակը` Ղազախստանի Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ իր կատարած բարեկամական երկրորդ մրցումին եւս, Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը յաղթանակ արձանագրեց Ղազախստանի իր հասակակիցներուն դէմ` առաջինին նման դարձեալ 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Սամուէլ Յակոբեան` 75-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ հայրենի կազմին գլխաւոր մարզիչն է Վարազդատ Աւետիսեան:

Հայկական Ֆութպոլ.  Էրիկ Վարդանեան Դարձեալ  Ուրարտուի Հետ

Հայկական Ֆութպոլ. Էրիկ Վարդանեան Դարձեալ Ուրարտուի Հետ

Ուրարտու Երեւանի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 23 տարեկան միջնապահ Էրիկ Վարդանեան միացաւ կազմին: Ան ֆութպոլի իր քայլերը սկսաւ Ուրարտուի ակադեմիային հետ (նախապէս` Բանանց): 11 տարեկանին ան տեղափոխուեցաւ Պարսելոնայի ակադեմիա: Սակայն ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ Փիւնիկի հետ: Ռուսական Սոչիին մաս կազմելէ ետք, ան այսպիսով կը վերադառնայ իր հարազատ ակումբին` Ուրարտուի: Իսկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ...

Ռոնալտօ Առաջարկ Ստացաւ  «Մէյճըր Լիկ»-ի Երկու Խումբէ

Ռոնալտօ Առաջարկ Ստացաւ «Մէյճըր Լիկ»-ի Երկու Խումբէ

Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, շատ հաւանական է, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ` նկատի ունենալով, որ առաջարկ ստացած է «Մէյճըր Լիկ»-ի երկու խումբէ: Նշուեցաւ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահով հետաքրքրուած են Ինթեր Մայեմի եւ Լոս Անճելըս Կալաքսի: Նշենք, որ Ինթեր Մայեմիի սեփականատէրն է Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Տէյվիտ Պեքհամ: 37 տարեկան...

Տաւիտ Տէ Խէա Կրկնեց Փիթըր  Շմայքըլի Մրցանիշը

Տաւիտ Տէ Խէա Կրկնեց Փիթըր Շմայքըլի Մրցանիշը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումին, Մանչեսթըր Եունայթըտի սպանացի բերդապահ Տաւիտ Տէ Խէա, Պրայթընի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (2-0) կարեւոր ցուցանիշ մը իրագործեց: Ան կրկնեց ակումբի նախկին բերդապահ, դանիացի Փիթըր Շմայքըլի մրցանիշը` նկատի ունենալով, որ ան «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումներուն, կատարելով իր 128-րդ մրցումը, իր բերդին մէջ կոլ չստացաւ: Այս մրցանիշը անցեալին իրագործած էր Շմայքըլ` 1991-1999 ժամանակամիջոցին: Նշենք, որ...

«Չեմփիընզ-Լիկ»-էն Դուրս Մնալու  Պարագային`  Ռէալ Մատրիտ Կրնայ Պաշտօնազրկել  Անչելոթթին

«Չեմփիընզ-Լիկ»-էն Դուրս Մնալու Պարագային` Ռէալ Մատրիտ Կրնայ Պաշտօնազրկել Անչելոթթին

«Ինտիփենտընթ» կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը պիտի հեռացնէ խումբին գլխաւոր մարզիչը, իտալացի Քարլօ Անչելոթթին, եթէ կազմը դուրս մնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն: Նշուեցաւ, որ եթէ արքայական ակումբը հեռացնէ Անչելոթթին, անոր փոխարէն որոշած է այդ պաշտօնին հրաւիրել Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինոն: Իտալացին մատրիտեան կազմի մարզիչ նշանակուեցաւ յունուար 2021-ին: Վերոնշեալ մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռէալ...

Մեմֆիս Տեփայ Պարսելոնայէն  Պիտի Բացակայի Քանի Մը Մրցումով

Մեմֆիս Տեփայ Պարսելոնայէն Պիտի Բացակայի Քանի Մը Մրցումով

Պարսելոնային մաս կազմող նետերլանտցի յառաջապահ Մեմֆիս Տեփայ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել սպանացի Չաւիի գլխաւորած կազմին յաջորդ քանի մը մրցումին, այս մասին յայտնեց սպանական «Մարքա»-ն: 27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ կը շարունակէ ապաքինիլ իր ստացած մկանային վնասուածքէն, նախորդ 12 յունուարէն ի վեր չէ տեսնուած ֆութպոլի դաշտերուն վրայ: Ընթացիկ տարեշրջանին, ան քաթալոնական կազմին հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 23 մրցումի` նշանակելով...

Տուկլաս Քոսթա Տեղափոխուեցաւ  Լոս Անճելըս Կալաքսի

Տուկլաս Քոսթա Տեղափոխուեցաւ Լոս Անճելըս Կալաքսի

Իտալական Եուվենթուսին մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Տուկլաս Քոսթա, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ, այս մասին յայտնեց ամերիկեան ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ Կալաքսիի, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Մէյճըր Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան: Շատ հաւանական է, որ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք ան մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2023 պայմանագրութիւն մը...

Պասքեթպոլ. Տղոց Արաբական Ախոյեանութիւն.  Լիբանան Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին  Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Ախոյեան

Պասքեթպոլ. Տղոց Արաբական Ախոյեանութիւն. Լիբանան Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Ախոյեան

Երէկ յետմիջօրէին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) իր աւարտին հասաւ տղոց պասքեթպոլի Արաբական 24-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Լիբանանի եւ Թունուզի միջեւ: Լիբանանի ազգային խումբը, որ 2010-ին Պէյրութի մէջ հանդիսացած էր փոխախոյեան, յաջողեցաւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դառնալ տիտղոսակիր` բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը` 72-69 արդիւնքով: Հակառակ անոր որ մրցումին...

Page 421 of 1280 1 … 420 421 422 … 1,280

Արխիւներ