Դանիացի միջազգային միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսըն Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն` «ԵՒՐՕ-2020»-ի մրցաշարքէն ետք առաջին անգամ ըլլալով դարձեալ տեսնուեցաւ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ:
Ան վերոնշեալ մրցաշարքին ընթացքին սրտի կաթուած ունենալով կը բացակայէր դաշտերէն:
Այժմ Պրենթֆորտին մաս կազմող Էրիքսըն Սաութենտ Եունայթըտի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին դաշտ ներկայացաւ 60 վայրկեան եւ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (3-2) կատարեց էսիսթ մըն ալ:
Ան ստիպուած եղած էր հեռանալ իր նախկին ակումբէն` Ինթեր Միլանէն` նկատի ունենալով, որ Իտալիոյ օրէնքներուն համաձայն, այսպիսի պարագաներու կ՛արգիլուի ֆութպոլ խաղալ երկրին մէջ:
Նշենք, որ ան նախորդ յունուարին միացաւ Պրենթֆորտին: