Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի տղոց 24-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը, որ կիսաւարտականին գծով մրցեցաւ Սոմալիի դէմ, արձանագրեց 87-72 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանանի կազմը ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Թունուզ-Ալճերիա մրցումին յաղթականին դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 16 փետրուարին:
Նասըր ակումբի դաշտին վրայ տեղի ունեցած երէկուան մրցումին, մեծաթիւ լիբանանցիներ դարձեալ քաջալերեցին իրենց երկրին ազգային խումբը:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ժատ Խալիլ (16), մինչ 15-ական կէտ նշանակեցին Հայկ Կէօքճեան եւ Աթեր Մաճոք:
Եուսեֆ Խայեաթ նշանակեց 13 կէտ, իսկ խմբապետ Ալի Հայտար` 11 կէտ: