Մարզական

Ճատրակ.  Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան  Տիտղոսակիր` Ֆլորիանափոլիսի Մէջ

Ճատրակ. Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան Տիտղոսակիր` Ֆլորիանափոլիսի Մէջ

Պրազիլական Սանթա Քաթարինա նահանգի Ֆլորիանափոլիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի միջազգային մեծ մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 500 ճատրակ խաղացողներ (տեղացի եւ օտար): Պրազիլահայ Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան առաւելագոյն 10 կէտէն 8,5 կէտ ապահովելով դարձաւ տիտղոսակիր:    

Թենիս. Տուպայի Մրցաշարք.  Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Թենիս. Տուպայի Մրցաշարք. Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-500» թենիսի միջազգային մրցաշարքին, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ Ա. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 6-3, 6-7 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց աւստրալիացի Ալեքս Տը Մինորի դէմ: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ եւ 48 վայրկեան: Բ. հանգրուանին, այսօր, Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ թիւ...

Ճենովայի Սեփականատէրերը Գնեցին  Վասքօ Տա Կամա Ակումբը

Ճենովայի Սեփականատէրերը Գնեցին Վասքօ Տա Կամա Ակումբը

Իտալական Ճենովա ֆութպոլի ակումբի սեփականատէր «777 Փարթնըրզ» ընկերութիւնը գնեց պրազիլական Վասքօ Տա Կամա ֆութպոլի ակումբին բաժնետոմսերուն 70 տոկոսը, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ընկերութիւնը պիտի վճարէ ակումբին բոլոր պարտքերը: Յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին սեփականատէրերը ընդհանուր համագումար մը պիտի կատարեն ակումբին հետ` ներկայացնելու համար իրենց ծրագիրը: Նշենք, որ «777 Փարթնըրզ» ընկերութիւնը Ճենովան գնեց սեպտեմբեր 2021-ին` վճարելով 175 միլիոն եւրօ:...

Թոթենհամ Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Չ՛առաջարկէ Քէյնի

Թոթենհամ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Չ՛առաջարկէ Քէյնի

Լոնտոնեան Թոթենհամի ղեկավարութիւնը խումբին մաս կազմող 28 տարեկան անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյնին նոր պայմանագրութիւն մը պիտի չառաջարկէ, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ նախորդ ամառ ֆութպոլիստը հրաժարեցաւ երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024: Նախորդ ամառ Թոթենհամ մերժած էր Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի առաջարկը: Շատ հաւանական է սակայն, որ Սիթի դարձեալ սկսի իր բանակցութիւններուն, մանաւանդ...

Թոմաս Միւլըր Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Թոմաս Միւլըր Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող փորձառու ֆութպոլիստ Թոմաս Միւլըր վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով: Նշուեցաւ, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը ինքնամեկուսացուած է, սակայն ինքզինք բաւական լաւ կը զգայ: Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 33 մրցում, նշանակած 10 կոլ եւ կատարած 22 էսիսթ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց  Տարեշրջանի Իր Առաջին Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ 1875-ի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն յաղթանակով` 62-54 արդիւնքով: Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ 9 կէտով պարտուած էր (21-30), սակայն Բ. կիսախաղին, ՀՄԸՄ տիրապետելով իր հիւրին վրայ, ութ կէտի...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց  Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Ամման

Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Ամման

Երէկ` երկուշաբթի, 21 փետրուարին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման մեկնեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը` մրցելու համար դաշտին տիրոջ դէմ: Այս մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիոյ պասքեթպոլի 2023-ի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 24 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Ղազի Պուսթանի: Իսկ խումբին...

Կռփամարտ. Սուզուքիի Մրցաշարք.  Հայաստան Յաղթեց Լեհաստանին

Կռփամարտ. Սուզուքիի Մրցաշարք. Հայաստան Յաղթեց Լեհաստանին

Հայաստանի կռփամարտի արհեստավարժ հաւաքականը, որ նախորդ շաբաթավերջին մրցեցաւ Լեհաստանի դէմ, յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ, Սուզուքի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ: 9 ճակատումներէն 5-ին յաղթանակ արձանագրեցին հայրենի մարզիկները: Իրենց կատարած ներկայացումներուն յաղթանակ արձանագրեցին Ռուտոլֆ Գարբոյեան (51 քկ), Ժիրայր Սարգսեան (57 քկ), Համլեթ Մնացականեան (60 քկ), Ճորճիկ Մարութեան (63,5 քկ) եւ Տիգրան Մելքոնեան (71 քկ): Արմէն Ղուշչեանի (48 քկ), Ռուբէն Գարբոյեանի (54...

Պելճիքական Ֆութպոլ.  Սարգիս Ադամեան Իր Առաջին  Կոլը Նշանակեց Ֆ. Ք. Պրիւժի Հետ

Պելճիքական Ֆութպոլ. Սարգիս Ադամեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Ֆ. Ք. Պրիւժի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Սարգիս Ադամեան նախորդ շաբաթավերջին դարձաւ կոլի հեղինակ իր նոր ակումբին` Ֆ. Ք. Պրիւժի հետ: Պելճիքայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ֆ. Ք. Պրիւժ, որ հիւրը եղաւ Էուփենի, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ադամեան, որ դաշտ ներկայացաւ մրցումին 75-րդ վայրկեանին, դարձաւ կոլի հեղինակ, երբ 90-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը իր նոր...

Պասքեթպոլ. «Օլ-Սթար»-ի Մրցում.  Լեպրոն Ճէյմսի Խումբը Յաղթեց  Քեւին Տիւրանթի Խումբին

Պասքեթպոլ. «Օլ-Սթար»-ի Մրցում. Լեպրոն Ճէյմսի Խումբը Յաղթեց Քեւին Տիւրանթի Խումբին

Երէկ` երկուշաբթի, 21 փետրուարին, Քլիվլենտի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցաւ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան «Օլ Սթար»-ի մրցումը: Լեպրոն Ճէյմսի խումբը 163-160 արդիւնքով յաղթեց Քեւին Տիւրանթի կազմին (47-45, 46-49, 45-45 եւ 25-21): Լաւագոյն եւ ամէնէն արժէքաւոր մարզիկի տիտղոսին տիրացաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող Սթեֆըն Քարի, որ յաղթական կազմին հետ նշանակեց 50 կէտ: Անոր խմբակից Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 24 կէտ:...

Նոր Զելանտացի Ֆութպոլիստը Հեթրիքի  Հեղինակ… Իր Իսկ Խումբին Բերդին Մէջ

Նոր Զելանտացի Ֆութպոլիստը Հեթրիքի Հեղինակ… Իր Իսկ Խումբին Բերդին Մէջ

Նոր Զելանտայի աղջկանց ֆութպոլի ազգային խումբի եւ անգլիական Լիվըրփուլի 25 տարեկան յետսապահ Մէյքայլա Մուր, Միացեալ Նահանգներու դէմ տեղի ունեցած մրցումին դարձաւ հեթրիքի հեղինակ, սակայն... իր իսկ խումբին բերդին մէջ: Այս մրցումին, որ կ՛իյնայ «ՇիՊիլիվզ» բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, ան իր կոլերը նշանակեց 5-րդ, 6-րդ եւ 36-րդ վայրկեաններուն: Այս կոլերը նշանակելէն ետք, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 3-0, ան փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:...

Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկի  Բացառիկ Իրագործումը

Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկի Բացառիկ Իրագործումը

Պարսելոնայի նորեկ յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, նախորդ շաբաթավերջին յաջողեցաւ բաւական կարեւոր եւ բացառիկ իրագործում մը կատարել: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 25-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումին, ան Վալենսիայի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (4-1) յաջողեցաւ հեթրիք մը իրագործել: Այսպիսով, կապոնցի յառաջապահը դարձաւ 21-րդ դարու առաջին ֆութպոլիստը, որ հեթրիք կ՛իրագործէ, ֆրանսական «Լիկ-1»-ին, գերմանական «Պունտըսլիկա»-ին, անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-ին եւ սպանական «Լա-Լիկա»-ին մէջ: Ան նախապէս...

Կերըթ Պէյլ Պիտի Հեռանայ  Ռէալ Մատրիտէն

Կերըթ Պէյլ Պիտի Հեռանայ Ռէալ Մատրիտէն

Կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ 2022-ի ամրան պիտի հեռանայ իր ակումբէն` Ռէալ Մատրիտէն, այս մասին նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, 32 տարեկան ֆութպոլիստը առաջարկներ ունի անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-էն եւ ամերիկեան «Մէյճըր Լիկ»-էն: Նշենք, որ ան այս ամրան ընթացքին կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») ընթացիկ տարեշրջանին, ան...

Լուքաս Վասքես Կրնայ  Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն

Լուքաս Վասքես Կրնայ Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն

Սպանացի միջնապահ Լուքաս Վասքեզ շատ հաւանական է, որ հեռանայ Ռէալ Մատրիտէն, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը` նախորդ շաբաթավերջին: Նշուեցաւ, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը բաւական դժգոհ է այժմու կացութենէն` նկատի ունենալով, որ ընդհանրապէս նկատի չ՛առնուիր իր մարզիչին` Քարլօ Անչելոթթիի կողմէ: Արքայական ակումբը արգելք չի հանդիսանար անոր հեռացման համար: Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ցարդ կատարեց 27 մրցում` դառնալով կոլի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Սըպլին Ռիատի` 1-1

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Սըպլին Ռիատի` 1-1

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Ահտի դաշտին վրայ կատարեց իր առաջին մրցումը, երբ մրցեցաւ Սըպլին Ռիատիի դէմ: Անոնց միջեւ այս մրցումը վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ: ՀՄԸՄ-ի կոլը նշանակեց Յակոբ Գուճանեան: Այս մրցումին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի յանձնախումբը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց խումբին հովանաւորը` Ժաք Պարսումեանը, որ հակառակ երկրին...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Մաս Կազմեց Դ. Խմբակին

Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Մաս Կազմեց Դ. Խմբակին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, որուն աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 12-24 յուլիսին, Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ: Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Դ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Նոր Զելանտան, Ֆիլիփեան կղզիները եւ Հնդկաստանը: Նշենք, որ 16 երկիրներու ազգային խումբերը բաժնուեցան չորս խմբակի` հետեւեալ ձեւով. Ա. խմբակ. Սէուտական Արաբիա, Յորդանան, Աւստրալիա (տիտղոսակիր) եւ Ինտոնեզիա...

«Պէյճինկ-2022».  Նորվեկիա Գերազանցեց Բոլորը`  Տիրանալով 37 Գունաւոր Մետալի

«Պէյճինկ-2022». Նորվեկիա Գերազանցեց Բոլորը` Տիրանալով 37 Գունաւոր Մետալի

Երէկ` կիրակի, 20 փետրուարին, իրենց աւարտին հասան 24-րդ ձմեռնային ողիմպիականի խաղերը, որոնք տեղի ունեցան Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ: «Պէյճինկ-2022»-ի այս խաղերուն, Նորվեկիա տիրապետելով բոլորին վրայ, մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը` տիրանալով 37 գունաւոր մետալի (16 ոսկի, 8 արծաթ եւ 13 պրոնզ): Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Գերմանիա (12 ոսկի, 12 արծաթ եւ 5 պրոնզ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի  Խումբը` Յաղթական

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Խումբը` Յաղթական

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Սփորթինկ 1875 մրցումը: Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Վաչէ Ղուկասեան (12-րդ), Հասան Պաժոք (26-րդ) եւ Նենօ Գիւլխանճեան (33-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Աթլեթիզմի  Խումբը Սկսաւ Իր Փորձերուն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Աթլեթիզմի Խումբը Սկսաւ Իր Փորձերուն

Երէկ` կիրակի, 20 փետրուարին, «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի աթլեթիզմի խումբը առաւօտեան կանուխ ժամերուն սկսաւ իր փորձերուն` լաւապէս պատրաստուելու համար Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուելիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող այս փորձերուն կը հսկէ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ ֆետերասիոնի գանձապահ Մարիա Գէորգեան` իրեն հետ ունենալով իր օգնական խմբակը: Այս փորձերը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-1875

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-1875

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 21 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի 1875-ի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Թէեւ ՀՄԸՄ տարեշրջանի բացման մրցումին պարտութիւն մը կրեց (Պէյրութէն), սակայն մարզիկներուն մօտ բաւական զգալի է պայքարի ոգին, եւ անոնք...

Page 420 of 1280 1 … 419 420 421 … 1,280

Արխիւներ