Մարզական

Թենիս.  Ռաֆայէլ Նատալի 91-րդ Տիտղոսը

Թենիս. Ռաֆայէլ Նատալի 91-րդ Տիտղոսը

Սպանացի միջազգային անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, որ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ցարդ տիրացած է 21 կրան շլեմի տիտղոսներու, նախորդ շաբաթավերջին յաջողեցաւ տիրանալ իր արհեստավարժ ասպարէզին 91-րդ տիտղոսին, երբ մեքսիքական Աքափուլքօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի աւարտականին 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց 26 տարեկան անգլիացի Քեմերոն Նորիի: Այսպիսով, իր ստացած վնասուածքէն ետք, Նատալ տիրացաւ իր երրորդ տիտղոսին: Նշենք, որ...

ՖԻՖԱ-ն Պատժամիջոցներ Կիրարկեց  Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Դէմ

ՖԻՖԱ-ն Պատժամիջոցներ Կիրարկեց Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Դէմ

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ այսուհետեւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը հանդէս պիտի գայ Ռուսիոյ ֆութպոլի միութեան հաւաքական անուանումով, առանց դրօշակի եւ ազգային քայլերգի: ՖԻՖԱ-ն դատապարտեց Ռուսիոյ զինուած ուժերուն ներխուժումը Ուքրանիա եւ մեկնելով այդ իրականութենէն անոր դէմ հաստատեց պատժամիջոցներ, նշելով որ անիկա իր բոլոր մրցումները պիտի կատարէ օտար դաշտի վրայ եւ առանց համակիրներու: Յայտարարուեցաւ, որ յառաջիկայ օրերուն, «ՖԻՖԱ»-ն...

Ճատրակի Աշխարհը ՖԻՏԷ-էն Կը Պահանջէ  Օլիմփիատը Մոսկուայի Մէջ Չկայացնել

Ճատրակի Աշխարհը ՖԻՏԷ-էն Կը Պահանջէ Օլիմփիատը Մոսկուայի Մէջ Չկայացնել

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, ճատրակի աշխարհի բազմաթիւ ներկայացուցիչներու, ֆետերասիոններու պահանջով, շուտով պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին գլխաւոր օրակարգ պիտի ունենայ այս տարի Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Օլիմփիատը, ինչպէս նաեւ այլ մրցաշարքերու հոն կայացումը ջնջել, այս մասին յայտնեց ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքը: Բնականաբար պատճառը Ռուսիոյ զինուած ուժերուն ներխուժումն է Ուքրանիա: Նշենք, որ սկզբունքով յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, Մոսկուայի մէջ տեղի...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի  2023-ի Ախոյեանութիւն.  Լիբանան-Սէուտական Արաբիա` 81-68

Պասքեթպոլ. Աշխարհի 2023-ի Ախոյեանութիւն. Լիբանան-Սէուտական Արաբիա` 81-68

Երէկ` կիրակի, 27 փետրուարին, Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա), 2023-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը Ասիոյ գօտիին մէջ կատարեց իր երրորդ մրցումը` մրցելով դաշտին տիրոջ` Սէուտական Արաբիոյ դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի կազմին բաւական տպաւորիչ յաղթանակով` 81-68 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիբանան Յորդանանի նման ունեցաւ 7 կէտ: Անիկա նախորդ մրցումին Յորդանանէն պարտութիւն մը կրած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Հուփս` 65-56

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Հուփս` 65-56

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, շաբաթ, 26 փետրուարին, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Հուփս մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 65-56 արդիւնքով (13-19, 16-20, 20-3 եւ 16-14): Այսպիսով, ՀՄԸՄ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը:    

Լիբանանեան Ֆութպոլ  ՀՄԸՄ Պէյրութ-Պէյրութ` 3-0

Լիբանանեան Ֆութպոլ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Պէյրութ` 3-0

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ (Պէյրութի նահանգ), նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցեցաւ Պէյրութի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Նըժմէի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 3-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 0-0): ՀՄԸՄ-ի կազմին կոլերը նշանակեցին Կերի Լեփեճեան (58-րդ), Նարեկ Ատուրեան (91-րդ) եւ Ալի Իսսա (95-րդ): Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները լաւապէս գործադրեցին իրենց մարզիչին` Վաչէ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Հատաս` 4-3

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Հատաս` 4-3

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 27 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ Հատասի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Պհամտունի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով, որոնք արձանագրեցին 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը հաւասարութիւն մը արձանագրած էր: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Ճօ Ապու Ռըժէյլի (2 կոլ), Գօգօ...

Մարմնամարզութիւն.  Արթուր Դաւթեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալի

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալի

Գերմանական Քոթպուս քաղաքին մէջ աւարտած աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար, Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր` Արթուր Դաւթեան յենացատկի մրցումներու աւարտականին գրաւեց առաջին դիրքը: Եւրոպայի ախոյեանը, ապահովելով 14.983 կէտ, տիրացաւ ոսկի մետալին: Նշենք, որ անկէ առաջ Հայաստանի հաւաքականէն արծաթէ մետալակիր դարձած էր Եւրոպայի փոխախոյեան Վահագն Դաւթեան, որ օղակներու մրցումներուն, ապահովեց 14.600 կէտ: Նշենք, որ հաւաքականին...

«Եու. Էֆ. Սի.»  Արման Ծառուկեան Յաղթեց  Սպանացի Ալվարեսին

«Եու. Էֆ. Սի.» Արման Ծառուկեան Յաղթեց Սպանացի Ալվարեսին

Խառն մենամարտերու «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի թեթեւ քաշային կարգին մէջ հանդէս եկող ռուսահայ Արման Ծառուկեան, որ երէկ Լաս Վեկասի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ մրցեցաւ սպանացի Խոյել Ալվարեսի դէմ, արձանագրեց տպաւորիչ յաղթանակ մը: Ան երկրորդ ռաունտին իսկ նաք աութի ենթարկեց իր մրցակիցին եւ արձանագրուեցաւ թեքնիք նաք աութ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ծառուկեան պարզեց Հայաստանի դրօշը:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 43-69

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 43-69

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները երէկ հասան իրենց աւարտին, երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ եղող երեք մրցումները: Վերջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), Անդրանիկ Պէյրութ 69-43 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` ՀՄԸՄ Անթիլիասէն: Թէեւ առաջին քորթըրը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ (12-12), սակայն երկրորդին ՀՄԸՄ ունեցաւ 7 կէտի առաւելութիւն մը (27-20): Երրորդին տարբերութիւնը բարձրացաւ 17-ի...

Մարմնամարզութիւն.  Հայաստան Չորս Մարզիկով Կը Մասնակցի  Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Մարմնամարզութիւն. Հայաստան Չորս Մարզիկով Կը Մասնակցի Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքին Հայաստանի հաւաքականը ելոյթ պիտի ունենայ չորս մարզիկով: Գերմանական Քոթպուս քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան: Աշխարհի բաժակի մրցաշարքին յաջորդ երկու հանգրուանները տեղի պիտի ունենան Տոհայի եւ Գահիրէի մէջ: Այս վերջին երկուքին հաւաքականին պիտի միանայ Հայաստանի բազմակի...

Թենիս.  Կարէն Խաչանով Պարտուեցաւ  Նովաք Ճոքովիչէն

Թենիս. Կարէն Խաչանով Պարտուեցաւ Նովաք Ճոքովիչէն

Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-500» թենիսի միջազգային մրցաշարքին, երէկ չկրցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ պարտութիւն մը կրեց աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչէն` 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով: Քառորդ աւարտականին 20 կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքերու տիտղոսակիր` Ճոքովիչ իր դէմ պիտի ունենայ...

Ճատրակ. «Էրթինկզ Մասթըրզ»-ի  Մրցաշարք.  Լեւոն Արոնեան Չյաղթահարեց  Նախնական Հանգրուանի Արգելքը

Ճատրակ. «Էրթինկզ Մասթըրզ»-ի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան Չյաղթահարեց Նախնական Հանգրուանի Արգելքը

Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ճատրակի «Էրթինկզ Մասթըրզ»-ի առցանց մրցաշարքին, չկրցաւ յաղթահարել նախնական հանգրուանի արգելքը: Արոնեան, որ վերջին հանգրուանին պարտութիւն մը կրեց ռուս Անտրէյ Եսիփենքոյէն, 21 կէտ ապահովելով եւ գրաւելով 9-րդ դիրքը, աւարտեց իր ելոյթները: Յաղթանակի համար կը տրուի 3 կէտ, իսկ հաւասարութեան պարագային` կէտ մը: Նախնական հանգրուանին իրենց մասնակցութիւնը բերին...

Սերժինիօ Տեսթ Կրնայ  Տեղափոխուիլ Ա. Էս. Ռոմա

Սերժինիօ Տեսթ Կրնայ Տեղափոխուիլ Ա. Էս. Ռոմա

Իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփոր» մարզաթերթին համաձայն, շատ հաւանական է, որ Ա. Էս. Ռոմա իր կազմին միացնէ Պարսելոնայի յետսապահ Սերժինիօ Տեսթը: Քաթալոնական ակումբը պատրաստ է փոխան 20 միլիոն եւրոյի ծախելու Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբին 21 տարեկան ֆութպոլիստը, որ դէմ չէ իտալական ակումբ տեղափոխուելուն: Տեսթով հետաքրքրուած է նաեւ ֆրանսական Մոնաքոն: Ան հոկտեմբեր 2020-ին փոխան 21 միլիոն եւրոյի Այաքս Ամսթերտամէն միացաւ Պարսելոնային`...

Լեւանտովսքի Կ՛ուզէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ  Ասպարէզը Շարունակել Ռէալ Մատրիտի Հետ

Լեւանտովսքի Կ՛ուզէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Շարունակել Ռէալ Մատրիտի Հետ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող լեհ միջազգային յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի կ՛ուզէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ռէալ Մատրիտի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: 33 տարեկան ֆութպոլիստը կը փափաքի յառաջիկայ ամրան ընթացքին անպայման տեղափոխուիլ արքայական ակումբ: Անոր պայմանագրութիւնը միւնիխեան ակումբին հետ վերջ կը գտնէ յունիս 2023-ին: Նշենք, որ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 50 միլիոն եւրոյով:  

Միացեալ Նահանգներու Տղոց Եւ Աղջկանց  Ֆութպոլի Ազգային Խումբերը  Պիտի Վարձատրուին Հաւասարապէս

Միացեալ Նահանգներու Տղոց Եւ Աղջկանց Ֆութպոլի Ազգային Խումբերը Պիտի Վարձատրուին Հաւասարապէս

Ամերիկեան մարզական մամուլին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, երկրին տղոց եւ աղջկանց ֆութպոլի ազգային խումբերը պիտի վարձատրուին հաւասարապէս: Վեց տարի առաջ, աղջկանց ազգային խումբը դատ բացած էր ֆետերասիոնին դէմ` պահանջելով հաւասար ձեւով վարձատրուիլ, այնպէս ինչպէս կը վարձատրուին տղաքը: Կողմերը ի վերջոյ համաձայնութեան եկան. ֆութպոլիստներուն միջեւ պիտի կիսուի 22 միլիոն ամերիկեան տոլար, այն գումարին շուրջ մէկ երրորդը, որ անոնք կը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 23 փետրուարին կը կատարուին երեք մրցումներ: Հուփսի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան), ժամը 20:30-ին, Հուփս կը հիւրընկալէ Մըթայլեպը: Իսկ մնացեալ երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), առաջինը` Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ (ժամը 18:30-ին), իսկ երկրորդը` Անդրանիկ Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի...

Դահուկարշաւ.  Այսօր Մեկնարկը Կը Տրուի Ասիոյ 30-րդ  Ախոյեանութեան` Քֆարզըպիանի Մէջ

Դահուկարշաւ. Այսօր Մեկնարկը Կը Տրուի Ասիոյ 30-րդ Ախոյեանութեան` Քֆարզըպիանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, այսօր` չորեքշաբթի, 23 փետրուարին, մեկնարկը կը տրուի Ասիոյ դահուկարշաւի 30-րդ ախոյեանութեան (տղաք եւ աղջիկներ), Մըզար Սքի Ռիզորթի մէջ (Քֆարզըպիան)` ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ միջազգային դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Եոհան Եասիշի, որ այսօր կ՛այցելէ Լիբանան: Այս ախոյեանութիւնը պիտի երկարի երեք օրերու վրայ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ 11 երկիրները. Հարաւային Քորէա, Ղազախստան, Հոնկ Քոնկ, Նեփալ, Ուզպեքիստան, Հնդկաստան, Իրան,...

Յունահռոմէական Ոճի Ըմբիշները  Կը Մասնակցին Իրանի Միջազգային Մրցաշարքին

Յունահռոմէական Ոճի Ըմբիշները Կը Մասնակցին Իրանի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը մեկնեցաւ Իրան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար միջազգային մրցաշարքի մը: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Էդուարդ Սահակեանի հետ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրան մեկնեցան` Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Նորայր Հախոյեան (55 քկ), Արմէն Մելիքեան (63 քկ), Հրաչեայ Պօղոսեան (63 քկ), Սերիոժա Բեռնեցեան (72 քկ), Էմիլ Աւետիսեան (77 քկ), Էրիկ Էլոյեան (82 քկ), Կարէն...

Ճատրակ.  Հայաստան Եւրոպայի Անհատական  Ախոյեանութեան Պիտի Ունենայ 7 Մասնակից

Ճատրակ. Հայաստան Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութեան Պիտի Ունենայ 7 Մասնակից

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանը ներկայացնող 7 խաղացողներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան: Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակիցներն են` Գաբրիէլ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Մամիկոն Ղարիբեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Շանթ Սարգսեան: Եւրոպայի այս ախոյեանութիւնը, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Սլովենիոյ մէջ, պիտի սկսի շաբաթ, 26 փետրուարին եւ իր աւարտին պիտի...

Page 419 of 1280 1 … 418 419 420 … 1,280

Արխիւներ