Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող փորձառու ֆութպոլիստ Թոմաս Միւլըր վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով:
Նշուեցաւ, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը ինքնամեկուսացուած է, սակայն ինքզինք բաւական լաւ կը զգայ:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 33 մրցում, նշանակած 10 կոլ եւ կատարած 22 էսիսթ:


