Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, որուն աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 12-24 յուլիսին, Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Դ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Նոր Զելանտան, Ֆիլիփեան կղզիները եւ Հնդկաստանը:
Նշենք, որ 16 երկիրներու ազգային խումբերը բաժնուեցան չորս խմբակի` հետեւեալ ձեւով.
Ա. խմբակ. Սէուտական Արաբիա, Յորդանան, Աւստրալիա (տիտղոսակիր) եւ Ինտոնեզիա
Բ. խմբակ. Թայփէ, Չինաստան, Հարաւային Քորէա եւ Պահրէյն
Գ. խմբակ. Իրան, Ճափոն, Ղազախստան եւ Սուրիա
Դ. խմբակ. Լիբանան, Նոր Զելանտա, Ֆիլիփեան կղզիներ եւ Հնդկաստան


