Լոնտոնեան Թոթենհամի ղեկավարութիւնը խումբին մաս կազմող 28 տարեկան անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյնին նոր պայմանագրութիւն մը պիտի չառաջարկէ, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ նախորդ ամառ ֆութպոլիստը հրաժարեցաւ երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:
Նախորդ ամառ Թոթենհամ մերժած էր Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի առաջարկը: Շատ հաւանական է սակայն, որ Սիթի դարձեալ սկսի իր բանակցութիւններուն, մանաւանդ որ Քէյն կ՛ուզէ փոխել իր ակումբը:
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետը ցարդ իր ակումբին հետ մասնակցած է 34 մրցումի` նշանակելով 17 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ:


