Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Սփորթինկ 1875 մրցումը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Վաչէ Ղուկասեան (12-րդ), Հասան Պաժոք (26-րդ) եւ Նենօ Գիւլխանճեան (33-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 24 կէտ:
Անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը ունի 20 կէտ:


