Երէկ` երկուշաբթի, 21 փետրուարին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման մեկնեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը` մրցելու համար դաշտին տիրոջ դէմ:
Այս մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիոյ պասքեթպոլի 2023-ի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 24 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Ղազի Պուսթանի:
Իսկ խումբին մարզիկներն են` Ալի Հայտար, Ուաէլ Արաքժի, Ժատ Խալիլ, Ալի Մանսուր, Ճիմի Սալեմ, Ամիր Սէուտ, Սերճիօ Տարուիշ, Քարիմ Զէյնուն, Եուսեֆ Խայեաթ, Հայկ Կէօքճեան, Ժերար Հատիտեան եւ Աթեր Մաճոք:
Իր այս մրցումը կատարելէ ետք, Լիբանան նոյն օրը գիշերը կը մեկնի Սէուտական Արաբիա, ուր մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ, կիրակի, 27 փետրուարին, Ժետտայի մէջ: