Երէկ` երկուշաբթի, 21 փետրուարին, Քլիվլենտի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցաւ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան «Օլ Սթար»-ի մրցումը:
Լեպրոն Ճէյմսի խումբը 163-160 արդիւնքով յաղթեց Քեւին Տիւրանթի կազմին (47-45, 46-49, 45-45 եւ 25-21):
Լաւագոյն եւ ամէնէն արժէքաւոր մարզիկի տիտղոսին տիրացաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող Սթեֆըն Քարի, որ յաղթական կազմին հետ նշանակեց 50 կէտ: Անոր խմբակից Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 24 կէտ:
Ասկէ բացի, 33 տարեկան Քարի բոլոր ժամանակներու «Օլ Սթար»-ի մրցումներուն գծով մրցանիշ մը հաստատեց, 27 փորձերէ ետք իրականացնելով 16 թրի փոյնթ:
Իսկ պարտեալ խումբէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ժոել Էմպիիտ (36):