Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Ահտի դաշտին վրայ կատարեց իր առաջին մրցումը, երբ մրցեցաւ Սըպլին Ռիատիի դէմ:
Անոնց միջեւ այս մրցումը վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ:
ՀՄԸՄ-ի կոլը նշանակեց Յակոբ Գուճանեան:
Այս մրցումին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի յանձնախումբը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց խումբին հովանաւորը` Ժաք Պարսումեանը, որ հակառակ երկրին դիմագրաւած նիւթական եւ տնտեսական դժուարութիւններուն, սիրայօժար կերպով յանձն առաւ 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան նիւթական բոլոր պարտաւորութիւնները:


