Երէկ` կիրակի, 20 փետրուարին, «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի աթլեթիզմի խումբը առաւօտեան կանուխ ժամերուն սկսաւ իր փորձերուն` լաւապէս պատրաստուելու համար Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուելիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող այս փորձերուն կը հսկէ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ ֆետերասիոնի գանձապահ Մարիա Գէորգեան` իրեն հետ ունենալով իր օգնական խմբակը:
Այս փորձերը տեղի պիտի ունենան իւրաքանչիւր կիրակի օրերը, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 10:00:
Լաւապէս պատրաստուելու համար տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ արձանագրելու համար փայլուն եւ տպաւորիչ արդիւնքներ, 8-18 տարեկան բոլոր երկսեռ մարզիկները կրնան միանալ ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի խումբին, որպէսզի կարելի ըլլայ բարձր պահել լիբանանահայութեան անունը Լիբանանի մարզական աշխարհին մէջ:
Նշենք, որ կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, 6 մարտին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի քրոս քաունթրիի ախոյեանութիւնը:


