Պրազիլական Սանթա Քաթարինա նահանգի Ֆլորիանափոլիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի միջազգային մեծ մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 500 ճատրակ խաղացողներ (տեղացի եւ օտար):
Պրազիլահայ Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան առաւելագոյն 10 կէտէն 8,5 կէտ ապահովելով դարձաւ տիտղոսակիր: