Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-500» թենիսի միջազգային մրցաշարքին, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ Ա. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 6-3, 6-7 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց աւստրալիացի Ալեքս Տը Մինորի դէմ:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ եւ 48 վայրկեան:
Բ. հանգրուանին, այսօր, Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ թիւ մէկ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ իր յաղթանակը արձանագրեց իտալացի Լորենցօ Մուսեթթիի դէմ` 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով:


