Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ 1875-ի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն յաղթանակով` 62-54 արդիւնքով:
Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ 9 կէտով պարտուած էր (21-30), սակայն Բ. կիսախաղին, ՀՄԸՄ տիրապետելով իր հիւրին վրայ, ութ կէտի տարբերութեամբ յաղթական դուրս եկաւ այս ճակատումէն:
Նշենք, որ այս յաղթանակը ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի համար եղաւ տարեշրջանի առաջինը: