Իտալական Ճենովա ֆութպոլի ակումբի սեփականատէր «777 Փարթնըրզ» ընկերութիւնը գնեց պրազիլական Վասքօ Տա Կամա ֆութպոլի ակումբին բաժնետոմսերուն 70 տոկոսը, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ընկերութիւնը պիտի վճարէ ակումբին բոլոր պարտքերը:
Յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին սեփականատէրերը ընդհանուր համագումար մը պիտի կատարեն ակումբին հետ` ներկայացնելու համար իրենց ծրագիրը:
Նշենք, որ «777 Փարթնըրզ» ընկերութիւնը Ճենովան գնեց սեպտեմբեր 2021-ին` վճարելով 175 միլիոն եւրօ:
«777 Փարթնըրզ» ընկերութեան կը պատկանի նաեւ սպանական Սեւիլլայի բաժնետոմսերուն մէկ մասը:


