Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Սարգիս Ադամեան նախորդ շաբաթավերջին դարձաւ կոլի հեղինակ իր նոր ակումբին` Ֆ. Ք. Պրիւժի հետ:
Պելճիքայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ֆ. Ք. Պրիւժ, որ հիւրը եղաւ Էուփենի, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ադամեան, որ դաշտ ներկայացաւ մրցումին 75-րդ վայրկեանին, դարձաւ կոլի հեղինակ, երբ 90-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը իր նոր ակումբին հետ, մինչ արդէն իսկ իր խմբակիցները նշանակած էին երկու կոլ:
Այս հանգրուանէն ետք, անոր կազմը այժմ 54 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` 9 կէտով ետ մնալով Իւնիոն Սենթ Ժիլուայէն: