 Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 21 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի 1875-ի դէմ:
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 21 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի 1875-ի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Թէեւ ՀՄԸՄ տարեշրջանի բացման մրցումին պարտութիւն մը կրեց (Պէյրութէն), սակայն մարզիկներուն մօտ բաւական զգալի է պայքարի ոգին, եւ անոնք ի վիճակի են լաւ արդիւնքներու հասնելու:
Ասկէ մեկնելով, այսօր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր ամէն կարելին պէտք է որ ընէ` արձանագրելու համար տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը:
Նշենք, որ Բ. հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, Պէյրութ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` Չեմփսի դէմ, 69-25 արդիւնքով:
 
			

