Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 21 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Անիպալ Զահլէ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը:
Ցարդ միայն յաղթանակ մը արձանագրած եւ 18 պարտութիւն կրած Անիպալ կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ եւ վերջին դիրքը, մինչ ՀՄԸՄ, որ արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած 15 պարտութիւն, կը գտնուի 9-րդ դիրքին վրայ:
Երթի մրցումը (11-րդ հանգրուան), որ տեղի ունեցաւ նախորդ 14 յունուարին, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 87-76 արդիւնքով:
Նշենք, որ այս հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Տինամօ, որ հիւրը եղաւ Անդրանիկ Պէյրութի, արձանագրեց 97-88 արդիւնքով յաղթանակ մը:


