Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ մինչեւ նոր որոշումի մը կայացումը, Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ հաւաքականներուն մասնակցութիւնը իր հովանիին տակ կատարուելիք մրցումներուն կը դադրի:
Բայց եւ այնպէս, երկու երկիրներուն ճատրակ խաղացողները կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել անհատական մրցաշարքերու, սակայն պայմանով, որ ըլլան ՖԻՏԷ-ի դրօշին տակ:
Նշենք, որ կազմակերպութիւնը վերջերս յայտարարեց, որ 2022-ի համաշխարհային Օլիմփիատը Մոսկուայէն տեղափոխուեցաւ Չինաստան:


