Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ գալիք ամրան ընթացքին մտադիր չէ հեռանալ իր ակումբէն:
Նշենք, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը` մայրաքաղաքի կազմին հետ, նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը:
Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Մեսսի ամէն գնով վճռած է յառաջիկայ տարեշրջանին իր կազմին հետ տիրանալ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին:
Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 29 մրցում, նշանակած 8 կոլ եւ կատարած 13 էսիսթ: