Այսօր` չորեքշաբթի, 20 ապրիլին իր աւարտին կը հասնի Հայաստանի ֆութպոլի 15 տարեկանէն վար հաւաքականին մարզական հաւաքը, որ սկսաւ նախանցեալ օր, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս հաւաքին ընթացքին կատարուեցան նաեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Գէորգ Պօղոսեան: