Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ Սպանիոյ ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Գրիգորեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով բաժնեց 2-3-րդ դիրքերը, սակայն լրացուցիչ կէտերուն շնորհիւ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Տիտղոսին տիրացաւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը, որ ապահովեց 8 կէտ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 150 ճատրակ խաղացողներ: