Թուրքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթ պաշտօնական նամակ մը ներկայացուց «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին` յայտնելով, որ կ՛ուզէ հիւրընկալել 2028-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:
Անիկա ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ երբեք չէ հիւրընկալած այս ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են նաեւ Անգլիա եւ Իրլանտա:
Սեպտեմբեր 2023-ին պիտի յայտարարուի, թէ ո՛ր երկիրը պիտի հիւրընկալէ այս ախոյեանութիւնը, երբ վերոնշեալ կազմակերպութիւնը քննարկէ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած երկիրներուն թղթածրարները:


