Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Յորդանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին գուժեց մահը Յակոբ Մահսէրէճեանի, որ իր անունը արձանագրած է Յորդանանի պասքեթպոլի պատմութեան մէջ:
Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մահսէրէճեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է Յորդանանի պասքեթպոլի ազգային խումբին, ինչպէս նաեւ Ուաթան Ռիատի ակումբին, 60-ականներու վերջը եւ 70-ականներու սկիզբը:
Նշուեցաւ, որ Յակոբ Մահսէրէճեան իբրեւ անդամ մաս կազմած է նաեւ Յորդանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:


