Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 70 միլիոն եւրոյի առաջարկ մը ներկայացուց Պորուսիա Տորթմունտի եւ Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտի փոխանցման գործողութիւններով զբաղող Մինօ Ռայոլային, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Թէեւ մանչեսթըրեան ակումբը 21 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 30 միլիոն եւրօ աշխատավարձով, սակայն ֆութպոլիստը կը սպասէ Ռէալ Մատրիտի առաջարկին եւ ցարդ դրական պատասխան չէ տուած Սիթիին:
Նշենք, որ ան յունուար 2020-ին աւստրիական Սալզպուրկէն միացաւ Պորուսիա Տորթմունտին` անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրելով մինչեւ յունիս 2024:
Եթէ այս ամրան ընթացքին Տորթմունտ 75 միլիոն եւրոյէն աւելի շատ առաջարկ մը ստանայ անոր համար, պէտք է ծախէ իր ֆութպոլիստը:
Ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 150 միլիոն եւրոյով:


