Որոշելու համար վերջին 30 տարիներու խորհրդանշական հաւաքականը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կատարեց աննախադէպ քուէարկութիւն մը` ճշդելու համար այդ ֆութպոլիստներուն ցանկը:
Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ ըստ ֆութպոլիստներուն գրաւած դիրքերուն:
Նկատի պիտի առնուին այն բոլոր ֆութպոլիստները, որոնք Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութենէն բացի տպաւորիչ ելոյթ ունեցած են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ եւ արտասահմանի մէջ` տարբեր երկիրներու ախոյեանութիւններուն ընթացքին:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ քուէարկութեան վերջին պայմանաժամն էր 17 ապրիլը: