 Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը:

Անդրանիկ, որ երթին իր դաշտին վրայ արձանագրած էր 86-83 արդիւնքով յաղթանակ մը, երէկ կրկնեց իր յաղթանակը` ՀՄԸՄ-ի դէմ, այս անգամ` 84-73 արդիւնքով:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 21-21, 13-23, 12-22, 27-18:
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Էլիօ Սաատ (18 կէտ եւ 16 ռիպաունտ), մինչ 10-ական կէտ նշանակեցին Սէրուժ Աւետիսեան եւ Էլիօ Ղոսըն:
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռիշար Հաժ, Քլոտ Ապի Ժըպրայել եւ Սերճիօ Քասսապ: