Պուլկարիոյ մայրաքաղաք` Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իր տոմսերը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
67 քկ դասակարգին մէջ, Արես Յակոբեան, որ 5-0 արդիւնքով յաղթեց սպանացի իր մրցակիցին` Կանտա Սոուցքօ Քուլիպալիին, աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ ուքրանացի Օլեքսէյ Պոքլախը:
Իսկ 60 քկ դասակարգին մէջ, Էրիկ Իսրայէլեան իր կարգին արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Վրաստանը ներկայացնող Կոչա Կորտուլաւայի դէմ:
Աւարտականին ան իր դէմ պիտի ունենայ պուլկարացի Քիրիլ Պարիսովը:


