Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմենի մէջ բաւական մեծ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան, ինչ որ այդքան ալ գոհ կրնայ չձգել ֆութպոլիստներէ շատեր:
Նշուեցաւ, որ ակումբին սեփականատէրերը որոշած են ծախել ակումբը:
Մայրաքաղաքի կազմի գործող նախագահ Նասեր Խելայֆի պիտի լքէ իր պաշտօնը, մինչ «Քաթար Սփորթց Ինվեսթմընթց» ընկերութիւնը, որ 2011-էն ի վեր կը պատկանի Փարիզ Սեն Ժերմենին, պիտի սկսի հեռանալ:
Սակայն ասիկա կրնայ կատարուիլ 2022-ի Մոնտիալէն ետք, երբ զգալիօրէն պիտի կրճատուի ակումբին պիւտճէն, իսկ յառաջիկայ տարեշրջանին այդքան ալ յիշատակելի փոխանցումներ պիտի չկատարուին:
Ինչպէս ծանօթ է, ֆութպոլի աստղերով հարուստ մայրաքաղաքի կազմը այս տարեշրջանին դարձեալ ձախողութեան մատնուեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:


