Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականի անդամներ Ֆերտինանտ Կարապետեան եւ Արսէն Աւետիսեան մեկնեցան Հունգարիա` նախապատրաստուելու համար Եւրոպայի ժիւտոյի ախոյեանութեան, որուն ազդանշանը պիտի տրուի 29 ապրիլին, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ:
Նշուեցաւ, որ անոնք երկուքը ելոյթ պիտի ունենան 73 քկ դասակարգի մրցումներուն:
Թոքիոյի ողիմպիական խաղերէն ետք, Կարապետեան ընդհանրապէս չէ մարզուած, իր ստացած վնասուածքէն ետք ամբողջութեամբ ապաքինելու համար: