Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած մէկ ժողովին ընթացքին հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն յայտագիրը:
Ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` Պէյրութ, Սաժես Պէյրութ, Ռիատի Պէյրութ եւ Տինամօ:
Չորեքշաբթի, 18 մայիսին, Պէյրութ-Սաժես մրցումով կը սկսին ֆայնըլ ֆորի մրցումները, մինչ անոր յաջորդող օրը` Ռիատի-Տինամօ մրցումը:
Ֆայնըլ ֆորի մրցումները իրենց աւարտին կը հասնին ուրբաթ, 27 մայիսին:
Կիրակի, 29 մայիսին տեղի կ՛ունենայ աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը:
Ֆետերասիոնը հրապարակեց նաեւ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի վերջին չորս հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը:
Դարձի 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 17 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Մըթայլեպ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Իսկ հինգշաբթի, 19 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Չեմփս-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը: