Քաթալոնական Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ մահացաւ ակումբին նախկին ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը` Խոան Պաութիսթա Լիոփիսը: Ան 106 տարեկան էր:
Ան 1941-էն 1943 եղած է խումբին բերդապահը` իր կազմին շապիկը կրելով բարեկամական վեց մրցումի ընթացքին:
Վերջին շրջանին ան ներկայ գտնուած էր ակումբին կատարած մրցումներէն մէկուն եւ ստացած անուանական մարզաշապիկ մը: