Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Այնճար Ամիթի Քոնկ ֆու-ուու շու ակումբին մաս կազմող մարզիկ Արինա Աբրահամեան ընտրուեցաւ մայիս ամսուան լաւագոյն մարզիկը` լիբանանցի բոլոր մարզիկներուն մէջ:
Այս նուաճումը արձանագրուեցաւ շնորհիւ անոր արձանագրած բացառիկ արդիւնքներուն` Լիբանանի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընթացքին:
Արինա Աբրահամեան, որ այս մարզը մուտք գործած է տասը տարիներ առաջ, երբ 6 տարեկան էր, տիրացած է աւելի քան 60 մետալներու:
Կը շնորհաւորենք Արինան` իր ձեռք ձգած այս կարեւոր իրագործումին համար: