Յաջորդական երկու յաղթանակ արձանագրելէ ետք, երէկ` հինգշաբթի, 12 մայիսին Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը Իրանէն` 72-67 արդիւնքով:
Նշենք, որ Արեւմտեան Ասիոյ 16 տարեկանէն վար այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ:
Սակայն, հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Լիբանան ցարդ յոյս ունի ապահովելու Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը, անշուշտ եթէ յաջողի յաղթանակ մը արձանագրել Սուրիոյ դէմ:
Սուրիոյ դէմ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 13 մայիսին պիտի սկսի ժամը 17:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: